Կը լսեմ ձայնը քու լռութեան,
Կ`աղաղակես հոգւոյդ խոր անդունդէն,
Սէր կ`երգես դուն հոգւոյդ խորքէն
Եւ սէր` սրտիդ սուրբ լարերէն:
Կ`աղաղակես հոգւոյդ խոր անդունդէն,
Սէր կ`երգես դուն հոգւոյդ խորքէն
Եւ սէր` սրտիդ սուրբ լարերէն:
Սէրը դուն ես ո՜վ իմ անգին,
Սէրը մաքուր, զուլալ ու ջինջ,
Սէրը վառար, հուր կրակով,
Այրող, խանդող եւ կործանող,
Նոյն ժամանակ յաւերժացնող:
Սէրը մաքուր, զուլալ ու ջինջ,
Սէրը վառար, հուր կրակով,
Այրող, խանդող եւ կործանող,
Նոյն ժամանակ յաւերժացնող:
Սէր կը հայցես դուն խոր սրտէդ,
Սէրը սիրոյ ակունքներուն,
Սէրը սիրոյ վառ յոյզերուն
Եւ վերացնող համբոյրներուն:
Սէրը սիրոյ ակունքներուն,
Սէրը սիրոյ վառ յոյզերուն
Եւ վերացնող համբոյրներուն:
Դուն վառ սիրոյ խորհրդանիշ,
Սէրը դուն ես, դուն ես միակ,
Սէրը սիրող քու սրտովդ,
Դուն ես սէրը ապրեցնողը:
Սէրը դուն ես, դուն ես միակ,
Սէրը սիրող քու սրտովդ,
Դուն ես սէրը ապրեցնողը:
Դուն ես սէրը, սիրոյ յոյզերը,
Ո՜վ իմ հրաշք Աստուածային,
Որ ընծայուեցար լոյս սկիհով,
Եդեմներէն սուրբ խորանին:
Ո՜վ իմ հրաշք Աստուածային,
Որ ընծայուեցար լոյս սկիհով,
Եդեմներէն սուրբ խորանին:
*********************************
ԵՍ Կ`ՈՒԶԵՄ
Եսկ`ուզեմ սէրը կարդալ
Քո շողարձակ աչքերուն մէջ,
Ես կ`ուզեմ երգը լսել
Սիրող սրտիդ լուռ լարերուն,
Ես կ`ուզեմ փարոսը դառնալ
Քո մթաքնած գիշերներուն,
Ես կ`ուզեմ կայլակն ըլլալ
Քո սիրատոչոր սէր շրթներուն:
Քո շողարձակ աչքերուն մէջ,
Ես կ`ուզեմ երգը լսել
Սիրող սրտիդ լուռ լարերուն,
Ես կ`ուզեմ փարոսը դառնալ
Քո մթաքնած գիշերներուն,
Ես կ`ուզեմ կայլակն ըլլալ
Քո սիրատոչոր սէր շրթներուն:
Ես կ`ուզեմ ծիածան դառնալ
Քո կեանքի թախծոտ սեւ օրերուն,
Ես կ`ուզեմ կողքիդ ըլլալ
Քո մենաստան վարկեաններուն,
Ես կ`ուզեմ արցունքը սրբել
Քո սիրող սէր ջերմ աչքերուն,
Ես կ`ուզեմ կեանքը կիսել
Ու ծերանալ միշտ քո կողքին:
Քո կեանքի թախծոտ սեւ օրերուն,
Ես կ`ուզեմ կողքիդ ըլլալ
Քո մենաստան վարկեաններուն,
Ես կ`ուզեմ արցունքը սրբել
Քո սիրող սէր ջերմ աչքերուն,
Ես կ`ուզեմ կեանքը կիսել
Ու ծերանալ միշտ քո կողքին:
************************************
Համբոյր մըն էր սիրով լեցուած
Եւ հրաբոց գինարբուքով,
Ժպիտ մըն էր սիրով լեցուած
Բայց լուսարձակ սէր կարօտով,
Երազ մըն էր եդեմներէն
Եւ աստուածատուր սէր խորանէն,
Զոյգ տատրակներ իրար գրկած
Եւ ուխտած սէր յաւերժութեան:
Եւ հրաբոց գինարբուքով,
Ժպիտ մըն էր սիրով լեցուած
Բայց լուսարձակ սէր կարօտով,
Երազ մըն էր եդեմներէն
Եւ աստուածատուր սէր խորանէն,
Զոյգ տատրակներ իրար գրկած
Եւ ուխտած սէր յաւերժութեան:
Մեղեդի մըն էր լուռ ու թախծոտ
Բայց վերացած սիրերգներով,
Հոգեվարար սէր բառերով
Բայց յաւերժի լոյս կանթեղով,
Ալեկոծ էր ովկիան ծովը
Կը գոռար սէր լուռ պոռթկալով,
Սիրահարներ իրար գրկած
Բռնած պարը` յաւերժութեան:
Բայց վերացած սիրերգներով,
Հոգեվարար սէր բառերով
Բայց յաւերժի լոյս կանթեղով,
Ալեկոծ էր ովկիան ծովը
Կը գոռար սէր լուռ պոռթկալով,
Սիրահարներ իրար գրկած
Բռնած պարը` յաւերժութեան:

Комментариев нет:
Отправить комментарий